Скачать книгу

նախարարութիւնը հիմնահատակ ընել դիւրին չէր. բայց նոյնպէս դիւրին չէր հազարաւոր տարիներով արմատացեալ կռապաշտութիւնը ջնջել, եւ այդ կրցաւ ընել Տրդատայ կորովի բազուկը: Ինք պէտք էր ընել եւ այդ, եւ ոչ իւր անպիտան յաջորդներէն Արշակայ թողուլ, որ մոլութեանց եւ յիմարութեանց անճոռնի խառնուրդ մ՚էր եւ քան զամենքը վատթարադոյն, եւ որ բնական էր թէ չի յաջողէր այդպիսի մեծ ձեռնարկութեան: Եւ հետեւանքն այն եղաւ, որ այս երկու թշնամեաց թագաւորութեան եւ նախարարութեան պատերազմին մէջ, առաջինն անհետացաւ եւ երկրորդը խաղալիք լինելով օտարին պարսկին եւ հոռոմին, երբեք չի մտածեց անկախութեան փորձ մը փորձել թէպէտ շատ յարմար վայրկեաններ ներկայացան: Այլ իր քաջութիւնը կը վատնէր օտարին ծառայութեան մէջ, Սասանեանը բանակներուն հետ կ'երթար մինչեւ Թրքաստան հոնաց եւ հեփթաղաց հետ կը պատերազմէր, բիւզանդական բանակներուն հետ կ'երթար մինչեւ Ափրիկէ եւ Իտալիայ եւ Դանուբի ափանց վրայ վանդալաց եւ գոթաց եւ բուլկարաց եւ սարմատացուոց հետ պատերազմելու համար:

      Բայց անկարելի է ուրանալ, որ նախարարութիւնը դիւցազնական վայրկեաններ ունեցաւ. Հազկերտի պէս մեծ եւ յաղթող թագաւորի մը դէմ խիզախեց Վարդանայ հետ եւ քաշութեամբ պատերազմեցաւք Վահանայ հետ Վաղարշ խոնարհեցուց եւ Կ'աւատայ կրօնամոլութիւնը հալածեց. Վարդան երկրորդի հետ Նուշի րուան Խոսրովու լուծը թօթափել հանղգնեցաւ: Բայց բոլոր այս պատերազմաց մէջ նախարարութիւնը մեծաւ մասամբ միաբան էր, վասնզի կրօնքի պաշտպանութեան էր կռիւը, իրեն ցրուեալ զօրութիւնը միացնելու մեծ շարժառիթ մը պէտք էր` կրօնքը, վասնզի նախարարութեան բնութիւնը անիշխանութիւն, անմիաբանութիւն էր: Իսկ անմիաբանութեան մասին` հայերը նոյնչափ անմիաբան եղած են ինչչափ ամէն աղինք, որ զօրաւոր կառավարութիւն չեն ունեցեր երբեք: Իրենք ոչ երբեք ունեցէք են յունաց պէս քսան, հինգ տարի քշող քաղաքական պատերազմ մը Պեղոպոնէսեան պատերազմի պէս, թէպէտ նա խարարութեանց անմիաբանութիւնը հար եւ նման էր այդ Յունաստանի փոքր, փոքր հասարակապետութեանց, միայն այն տարբերութեամբ, որ հոն ժողովուրդն ազատ եւ ամէն բան էր, եւ ուսմունքը բանական մարդը բարձրացուցեր էր, իսկ Հայաստան` ժողովուրդը ոչինչ էր, եւ իր բռնաւորներն ամէն ինչ: Յունաստան ծովէ շրջապատ եալ բնական ամրութեամբ դարձեալ մեծ տէրութեան մը կարգ անցնելու համար պէտք եղաւ, որ Մակեդոնացուոց լուծին տակ անցնի եւ Աղեքսանդրի հետ արշաւի: Առանց զօրաւոր կազմակերպեալ իշխանութեան եւ խիստ օրինաց անկարելի է միաբանութիւն, վասնզի փոքրիկ շահեր մեծ շահերու դէմ կապստամբին, եւ մեծ շահեր զօրութեան պէտք ունին պզտի շահեր եւ անոնց բանսարկութիւնքը ճնշելու համար: Խիստ կառավարութեան ամենեն անպիտանը նախադասելի է անիշխանութեան: Հայ նախարարութիւնն անիշխանութիւն էր արմատացեալ: Եւ որովհետեւ չի կրցաւ կանոնաւոր եալ ազնուապետութիւն մը նաեւ կազմել` ինք ինկաւ գահավէժ եւ ազզն էլ իր հետ տարաւ: Այդ ազնուապետութիւնը` եթէ կարէնար կազմել նախարարութիւնը, ազգին նան երջանկութեան ճամփայ թերեւս բանար. բայց ոեւիցէ՛ բան կազմելու համար` արդարութեան եւ կանոնի մը հնազանդել յանձն առնելու է, այս կամքը հազիւ քանի մը նախարարաց քով կ'երեւի պատմութեան մէջ, վասնզի անիշխանութիւնը կը ներէ միայն սանձարձակ զեղծմունք` ուսկից կամօք եւ մասամբ իսկ զրկուիլը շատ մեծ առաքինութիւն է:

      Հայք ընդհանրապէս միաբան եղած են միայն այն

Скачать книгу