ТОП просматриваемых книг сайта:
Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Читать онлайн.Название Թորոս Լեւոնի
Год выпуска 0
isbn 9781772467963
Автор произведения Ծերենց
Жанр История
Издательство Aegitas
Եւ ինք քաշուեցաւ վերնայարկը. նախ Բաբկէնի ապսպրելով վարի հիւրի սենեակը անկողին մը տարածել եւ պառկիլ եւ միշտ արթուն քնանալ. «Թէպէտ, հաւել ժպտելով, այդպիսի պատուէր մը աւելորդ էր այնպիսի մարդու մը համար, որ 12 տարեկան սկսած էր հօրեղբօրը եւ հօրը ամէն պատերազմաց գտնուիլ եւ խելամուտ էր թէ թշնամեաց բանակէ մը շրջապատեալ միշտ զգոյշ պէտք էր լինել»: Եւ առանց երկար խորհրդածութեան մտաւ անկողին եւ պառկեցաւ, իբրեւ թէ իր հայրենի Վահկայ բերդին տղայութեան ապահով սենեակը լինէր, եւ քունն թէպէտ քանի մը ժամ ուշացաւ վրայ հասնելու, բայց վերջապէս այնպիսի տարիքի մը մէջ` օրուան զանազան դիպուածներու պատճառած սրտայուզութիւնը յաղթեցին կամքին զօրութեան եւ քնացաւ. երբ արթնցաւ, ինչպէս տղայութեան սովորութիւնն էր, մէկեն ցատկեց անկողնեն եւ բնականաբար աչքը դարձուց խաբուսիկ դռան, որ անշար պատի մը կերպարանք կը պահէր, պատուհանը բացաւ եւ տեսաւ, որ Բաբկէն պարտէզին մէջ անխռով կը շրջաւգայեր. երիտասարդին ակնարկին վրայ վեր ելաւ, եւ առջի նայուածքը` հար եւ նման Թորոսի` խաբուսիկ դռանը եղաւ:
– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ իշխանազունն, – ի՜նչ հետաքննին աչք կը նետես այդ պատին վրայ, ի՞նչ տեսար:
– Հիմա չէ որ տեսայ, – պատասխանեց Բաբկէն, – երէկ տեսայ ես այդ դաւը, բայց վտանգը իմ կարծածիս պէս չելաւ:
– Ի՞նչ ըսել կ'ուզես:
– Ան կ'ուզեմ ըսել թէ ես կարծէի, որ այդ դռնեն սուսերաւոր թշնամի մը պիտի ելնէ, իրօք թշնամի մը եղաւ, բայց իմ կարծած տեսակես չէ:
– Ի՞նչ կ'ըսես, Բաբկէն, բան մը չեմ հասկնար:
– Դու ինձի ըսիր թէ «արթուն քնացիր», եւ ես արդէն միտքս դրած էի. բայց ի՞նչ օգուտ արթուն քնանալ վարի սենեակը անկողնի մը վրայ տարածեալ, ուստի պէտք էր այնպէս դիրք մ՚առնէի, որ տան մէջի շարժմունքը տեսնէի եւ հայոց միակ յուսոյն վրայ հսկէի. ուստի երբ ամէն ձայն դադրեցաւ քաղքին մէջ` քիչ մ՚ալ անկողին փոխենք, ըսի, ելայ կամաց մը իջայ պարտէզ ու սօսի ծառեն յարմար անկողին մը չի գտնելով, անոր վրայ զետեղեցաւ եւ իրօք մինչեւ կ'էս-գիշէր ամէն տեղ լուռ էր եւ խաւար, բայց յանկարծ ու քու պատդ տեսայ, որ ճեղքեցաւ, եւ տկար լուսոյ գիծ մը նկարուեցաւ. ձեռքս սա պահած թուրիս տարի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ըսի, ինձի համբերութիւն տա…
– Ի՜նչ. պիտի պոռայի՞ր:
– Աստուած չընէ՛. ճիւղեն ներս պիտի ցատկէի, մենք մեր Սեւ լեռը լաւ կը ցատկենք, բայց միջոցը շատ էր, պատուհանը նեղ, անշշունջ ցատկելն անհնար, եկողը կրնար փախչիլ, մանաւանդ որ լոյսը տկար էր, ուրեմն` եկողը վախկոտ, ուրեմն` պէտք էր սպասել. եւ վայրկեանը տարի մը եղաւ, լուսոյ երկայն, վերեն` վար գիծը սկսաւ շարժիլ, բայց անզգալի