Скачать книгу

որ երբ ինձ տեղեկութիւն մը հարցնեն, կարէնամ պատասխանել:

      – Շատ լաւ, – ըսաւ խօսակիցը, – երթանք մէկտեղ:

      ԳԼՈՒԽ Բ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ԹԷ ԴԱՐԱՆ

      Այսպէս երկու յոյն առջեւեն եւ Թորոս ու իր ծառան ետեւնուն անցան արքունի դռնեն, որ ի կրկէս կը հանէր, նոյնպէս կրկին յաղթական կամարներէն, եւ վերջապէս մտան բուն քաղաքը, ուր բարձր երկայն պատեր, մեծամեծ դռներով պալատներ, եւ երեւեյաց տուներ կը նշանակէին, որոց երբեմն կը յաջորդէին փոքր եւ ցած փայտաշեն տներ, եւ ուր տեղ-տեղ ժողովուրդը կը խռնուէր, ինչպէս ամէն մեծ քաղաքներու սովորական է, եւ դարձեալ ամայի փողոցնէր, մինչեւ հասան պարզ դռան մը առջեւ, որ բարձր քառակուսի պատի մէջտեղ բացուած էր, եւ երբ դուռը զարնուեցաւ, շուտ մը բացուեցաւ, սովորական պարտէզ մը տեսնուեցաւ քանի մը մեծամեծ ծառերով եւ խիտ առ խիտ վարդենիներով զարդարուած, պարտէզին վերջին ծայրը բնակութեան տունն էր. կրկնայարկ տուն` բոլոր պատուհաններն պարտէզի վրայ կը հայէին երեք կողմեն. իսկ ինչ որ ծառայութեան կը վերաբերէր` միայարկ պարտէզին դռան քովի պատերուն տակ շինուած էր:

      Դուռը բացողը իր հա գուսան երէն յայտնի` սովորական մաքուր տունի մը ծառայ էր, եւ երբ աս մեր չորս անձինքը ներս կը մտնէին, տարէց կին մը խոհանոցին դռնեն գլուխը դուրս երկնցնելով կը նայէր բնական հետաքրքրութեամբ մը: Դռնեն ներս ոտուընին դրածնուն պէս առաջնորդը դարձաւ ըսաւ կարճուկին.

      – Բարեկամ, ահա տունը ճանչեցիք կարծեմ, ունի՞ք ուրիշ փափագ մ՚ալ:

      – Ո՛չ, այլ…

      – Ուրեմն մեր կողմնակի դաշնադրութիւնը կատարեալ է ըսելով այնպիսի ձեւ մ՚առաւ, որ կ'իմացնէր դիմացինին թէ երկայն խօսելու ժամանակ չի կար. ուստի նա ալ հասկնալով, բարեւ մը տուաւ. եւ դուրս ելաւ, թողլով իր երեք ընկերները այդ տան առանձնութեան չորս պատերուն մէջ, որ տաճկի կանանոցի կամ կուսանաց վանքի մը կը նմանէր եթէ իր փոքրիկութիւնը չլինէր: Երբ դուռը գոցուեցաւ, ան ատեն անծանօթը պարզ եւ խորին յարգանօք դարձաւ Թորոսին եւ ձեռոք տանը ներքին դուռը ցցնելով` «Կ'ուզէ՞ք, իշխան, ձեր բնակարանը տեսնել, – ըսաւ, – եւ ինչ որ պակաս կայ հրամայել ձեր ծառային»: Իսկ նա, որ տարիներէ ի վեր բացի իր Բաբկէնեն ուրիշէ մը այսպիսի վարմունք չէր տեսած, դարձեալ ամենեւին զարմանք ցոյց չի տալով իր անտարբեր կերպովն առաջ անցաւ, գտաւ փոքրիկ սրահ մը, երկու սենեակ երկու կողմը, որոնց մէկը սեղանատուն էր, միւսը` հիւր ընդունելու սենեակ, իրենց ամէն կարասիքով. սրահին ծայրը սանդուխ մը, որ վերի յարկը կը տանէր, ուր նոյնպէս երկու սենեակ կար մին անկողնոյ, միւսը` աշխատութեան, ուր բացի կարեւոր բազմոցներէ եւ կարասիքներէ, կային մաքուր զէնքեր պատերէն կախուած. անկողնոյ սենեակը ազնուական երիտասարդի մը պէտք եղած ամէն զգեստեղենք կային, նոյնպէս անկողնոյն պարզ եւ ազնիւ հանդերձանքը կ'իմացնէին թէ արթուն կնոջ մը աչք կամ ձեռք անցէր էին հոնկից. Փոքրիկ բաղանեաց խուց մը` անկողնի սենեկեն դռովմը կը զատուէր: Երբ աչս ամէնքը տեսան, առաջնորդը դարձեալ, «Դեռ ի՛նչ բանի որ պէտք ունիք, իշխան, խնդրեմ, հրամայէք», ըսաւ: Իսկ Թորոս առաջին անգամ իր սուր աչքերը ցցնելով դիմացինին, ըսաւ. «Վայրկեան մ՚ալ սա սենեակը դառնանք»: Եւ երկրորդ անգամ դիմացի սենեակը մտնելով` շիտակ ձեռքը երկնցուց կորաձեւ ահագին սուսերին, որ պատեն վար կախուած էր, վար առաւ, կէս մը քաշեց պատենեն, զննեց, եւ ճանչնալով իր հօր` Լեւոնին սուրը, եւ դարձեալ իր տեղը զետ եղելով` «Բարեկամ, – զրուցեց հատիկ-հատիկ բառերուն վրայ կենաւռվ, – կը զրուցես անոր, որ աս տունը պատրաստեց, եթէ հրեշտակ է` իմ

Скачать книгу