Скачать книгу

ի՜նչ է աս:

      – Աս կնշանակէ, որ դու դեռ տղայ ես, եւ պէտք է քու դաստիարակութեանդ վրայ հսկեմ ես: Այս երեկոյ ուրեմն կ'երակուրեն վերջը կը տեսնուինք, երբ ամէնքը պառկին:

      Եւ աս ըսելով ձեռքը տուաւ, որ պագնէ, եւ դռնեն անհետ եղաւ ու գնաց: Իսկ Թորոս մնաց հոն այն դռան առջեւ, փոխուած մարդ մը բոլորովին, սիրտը նոր, անծանօթ զուարթութեամբ մը զեղուն, եւ խաւար աշխարհք լուսաւոր եղած էր իրեն համար. երեկոյեան արեւուն վերջի ճառագայթները վճիտ ոսկեղէն էին, ծառերու եւ ծաղկանց կանաչը շատ աւելի գեղեցիկ էր, քան մէկ քանի ժամ առաջ, օդը առողջ եւ թեթեւ էր շնչելու, եւ վերջապէս երբ պատուհանեն վար նայելով տեսաւ զբաբկէն, այնչափ իրեն գեղեցիկ երեւցաւ իր փշոտ եւ հաստ յօնքերով եւ իր յիսուն բայց կորովի տարիներով, որ եթէ չամչնար, պիտի ցատկէր, իջնէր եւ համբուրէր:

      Բայց ինքզինք զսպելով, ակնարկ ըթաւ, որ վեր գա:

      ԳԼՈՒԽ Դ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԻՃԱԿԸ

      Թէպէտ զուարթութիւնը կը փայլէր Թորոսի բոլոր կերպաբանաց վրայ, թէպէտ ամէն պատրաստութիւն ունէր խօսելու` քան լսելու, բայց Բաբկէնի լուրջ եւ տխուր կերպարանքը առժամայն ազդեցութիւն մը ըրին սրամիտ երիտասարդին վրայ, որ իր տարիքեն անհամեմատ վեր էր իր քսան տարիներուն մէջն ալ: Բաբկէն` թէպէտ հազիւ թէ պարզ կարդալ եւ անունը ստորագրել միայն գիտէր, արտաքոյ կարգի խոհուն, անհամեմատ ուժով, տոկուն եւ անխոնջ պատերազմի մէջ, անդրդուելի, հաւատարիմ եւ նախանձայոյզ ազգասէր մարդ մ՚էր:

      Թորոսի եւ Լեւոնի յաջողութեանց անթոյլ գործակից, եւ առաջինին պաշտող յիշատակին երկրապագու կրօնամոլ, միտքը դրած էր, որ եթէ Թորոս երկայն ապրէր, անտարակոյս Կիլիկիոյ անկախութիւնը ան ողորմելի վիճակը չէր ընկնէր. ուստի Լեւոն իրեն համար աննման քաջակորով երիտասարդ մ՚էր, զուրկ ան խորագիտութենեն եւ նախատեսութենեն, որ իշխանի մը եւ զօրավարի առաջին յատկութիւնքն են: Բայց որովհետեւ հաւատարմութեան մէջ անդրդուելի էր, խնդրեց Լեւոնի ծառայութեան մէջ մտնել եւ նորա գերութեան անբաժանելի ընկեր եղաւ. բանտին մէջ երկրորդական անձինք էին իրեն համար Լեւոն ալ, Ռուբեն ալ. ամէնքը երկու եղբայր նման կը գտնէին իրարու, ինք Թորոսի եւ իր եղբօր մէջ անբաւ հեռաւորութիւն կը գտնէր: «Ռուբեն, – կ'ըսէր, – հօրը ճիշտ զաւակն է, ուժով, թեթեւամիտ, քաջ մինչեւ ի յանդգնութիւն եւ ի հրաշագործութիւն ծանր վտանգի մէջ, որ կրնան զինք երբեմն ի յուսահատութիւն տանիլ, բայց պզտիկը, ո՛հ իր գլուխը երբեք պիտի չի կորսնցնէ, իր հօրեղբօրը պէս պիտի լինի անյոյս վիճակներու մէջ` անխռով եւ հնարագէտ»: Ուստի Թորոս իր հայրենասէր յոյսերուն զաւակն էր:

      Ոչ Ռուբենի աչագրաւութիւնը եւ մահը եւ ոչ Լեւոնի վախճանը, որ զինք տխրեցուցեր եւ դառնացուցեր էին, կարելի էր բաղդատէք Թորոսի փոքրիկ մէկ հիւանդութեան հետ, ուր Բաբկէն ինքզինք կը մոռնար, ա՛լ պարտաւորութիւնը չէր, որ անքուն կը հսկէր պատանուոյն սնարին քով, այլ գորովագութ մօր մը աչալրջութիւնն էր. մինչեւ իր խոշոր եւ հաստ ձայնը դայլայլիկ մը առնուլ կը ձեւանար եւ կը փափկանար թէ որ կարելի ըլլար իր ահագին ձեռքերը նաեւ պիտի մանրանային, երբ դեղին սկահակը իրեն կ'երկնցնէր. այնչափ խնամք կը տանէր զինքը խնամելու եւ տածելու ժամանակ:

      Ուստի, հիմա երբ տխուր ու դառն ներկայացաւ, Թորոս` «Ի՞նչ կայ, Բաբկէն հայրիկ, ընքուիներդ շատ խաւար կ'երեւան այսօր,– հարցուց, միթէ ամենեւին հայ սրտով մարդ մը չի կրցա՞ր գտնել»:

      – Երանի՜ թէ չի գտնէի. գէշ, իշխանիկս, գէ՜շ:

      – Ի՛նչ գէշ, զրուցէ՛ գլուխդ երերցնելուդ,

Скачать книгу