ТОП просматриваемых книг сайта:
Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Читать онлайн.Название Թէոդորոս Ռշտունի
Год выпуска 0
isbn 9781772467987
Автор произведения Ծերենց
Жанр Исторические любовные романы
Издательство Автор
– Մայրիկը զիս ղրկեց քեզ տանելու համար, եկ երթանք:
– Բայց դու լիճն ընկեր ես, Զաւէն հայրիկ, վրադ գլուխդ բոլոր թրջէր է:
– Հոգ չէ երբ ես ջուրն ընկնիմ, աղջիկս:
– Բայց մայրիկը կըսէ, որ ջուրն ընկնիք` կը խեղդվփք:
– Այդ ինձ համար չէ, սիրուն Արփենի, աստուած քեզ պահէ, որդեակ:
– Ինչո՞ւ երեսդ անդին կը դարձնես, Զաւէն հայրիկ:
– Արեւն աչքիս կը զարնէ անոր համար: Բայց հիմա խօսելու ատեն չէ, եկ ինձ, որդեակ:
– Ինչ կ'ընես, Զաւէն հայրիկ, զիս կը թրջես, բոլոր ջուր եղայ:
– Հոգ չէ, Արփենի, դու ձայն մի՛ հանէր, ամենեւին մի՛ խօսիր, մինչեւ որ ցամաք ելնենք:
Խեղճ տղան կուրծքին վրայ պառկեցուցած նոյնպէս լողալով կ'երթար Զաւէն մինչեւ ցամաքը գտան. այն ատեն եղէգներու մէջ ելաւ կանգնեցաւ, հագաւ իր սպառազինութիւնը, եւ երբ աչքը դարձուց Վարդանաբերդի տեսաւ մուխ մը կը բարձրանար. աչվները կրակ դարձած սոսկալի յիշոցք մը տուաւ ատամները կրճտելով, այնպէս որ Արփենի սոսկմամբ «Ի՜նչ եղար, Զաւէն Հայրիկ» ըսելով սկսաւ փախչիլ. «Կա՛ց որդեակ, կա՛ց Արփենի, միտքս չեկաւ թէ հրեշտակներու քով ամէն պարագայի մէջ իրենց լեզուին չափ պէտք է դնեն», զրուցեց եւ ուժով մը սուլեց. Վայրկեան մը չանցած իր նժոյգը եկաւ վազելով եւ եղէգները կոտրտելով: Իսկ երբ Արփենին գիրկն առաւ Զաւէն, խելօք ձին մեշքը խոնարհեցուց, որ դիւրութեամբ հեծնա զինուորը, եւ Կ'աղզուանայ ճամփան բռնեցին:
ԳԼՈՒԽ Դ
Մի ոգի տխրութեան խորին եւ աներեր
Բնակեալ հայս տեղիս կը տանի քո քայլեր.
Արձագանք անցելոյն` ոչինչ այլ չի լսուիր,
Յիշատակ քեզ գրաւի: Ներկան չի նշմարուիր: —
Զերթ զանգակ հեռաձիգ խառնակոչ կը հնչեն
Մայր ծառոց գագաթունք հողմավար կ'արտասուեն,
Չիք մի ձայն բընութեան իբր մեռեալ նա թրուի
Եւ ի մէջ դամբանաք` ե՜ս լոկ կամ կենդանի:
Զաւէն Հայրիկի զիրկը ձիու վրայ ճանապարհորդել Արփենի շատ կը սիրէր, ուստի նախ Հաճելի եղաւիրեն այս երթը, բայց երկու ծանր խնդիրներ կային իրեն Համար, որ պէտք էր լուծուէին, ուստի ըսաւ.
– Մայրիկը, Նազէնիկը ո՞ւր գնացին, գիտե՞ս:
– Գիտեմ որդեակ, – պատասխանեց ծեր զինուորը թէպէտ ձայնը այնչափ արտասուալից էր, որ`
– Հայրիկ, դուն կուլա՞ս, – ըսաւ պզտիկը եւ գլուխը վեր առաւ Զաւէնի երեսը տեսնելու համար` բայց միայն մօրուքը տեսաւ:
– Չէ, որդեակ, ի՛նչ կայ լալու, Հարբուխ եղած եմ քիչ մը, այն է:
– Թրջեցար անկից է, մայրիկը կըսէ թէ երբ մէկը թրջի` Հարբուխ կը լինի, ես էլ հարբուխ պիտի ունենամ: Այնպէ՞ս չէ, Հայրիկ, զգեստներս բոլոր թաց են:
Ծերը` այս հարցաքննութենեն, ուր մայրիկին բոլոր խօսքերը մէկ-մէկ վկայութիւն էին այնպէս Յուզուած էր, որ կը շփոթէր պատասխան տալ եւ կը սպասէր, որ Արփենի խօսքը փոխէր. եւ իրօք ժամանակը եկած էր` Արփենի երկրորդ խնդիրն առաջարկից.
– Հայրիկ, նախաճաշիկ ե՞րբ պիտի ընենք, ես անօթի եմ:
– Հիմա քանի մը վայրկեանեն, – ըսաւ ծեր զինուորը եւ շուրջը կը նայէր, մտածելով թէ ո՞ւր էր, վասնզի միտքը բոլոր այդ սոսկալի եղեռնին էր, որ աչքին առաջ դարձած էր, եւ յիշելով թէ գոնէ քառորդ մը ժամանակ պէտք էր գիւղը