ТОП просматриваемых книг сайта:
Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Читать онлайн.Название Թէոդորոս Ռշտունի
Год выпуска 0
isbn 9781772467987
Автор произведения Ծերենց
Жанр Исторические любовные романы
Издательство Автор
Կը շտապէր Թէոդորոս եւ թոյլ ու դադար չէր տար զօրաց, որպէսզի հասնի թշնամուոյն, բայց նա սատանայական արագութեամբ իւր դառնութեան գործեր կատարէր էր եւ ամէն տեղ Նախիջեւանէ մինչեւ ի Գողթն գաւառ, գիւղ, աւան եւ անպատսպար քաղաք աւերակ էր եղեր, դէզադէզ մարդկանց դիակնէր եւ արեանց ճապաղիք այդ բարբարոս աւազակաց հետքերն էին, հուր, սուր, մահ իրենց նշանակներն էին, որ թողէր էին ետեւնեն: Լեռներու, բերդերու ապաստան եալ մարդիկ կ'իջնային գունդագունդ ողբ ի բերան փնտրելու համար իրենց սիրելիները, որ կամ սրոյ ճարակ եղած էին` կամ` որ աւելի սոսկալին էր` անողորմ ազգին գերութեան գնացած: Տուն, ամառանոց, եկեղեցի` ամէն բան կը մխար, ամէն բան արիւն կը հոտեր: Ծեր պատերազմողք, որ կարծէին թէ նոր չի կայ իրենց համար պատերազմի հետեւանք թշուառութեանց մէջ, երբ կը տեսնէին եղած անգթութեանց ու պղծութեանց հետքերն, երբ կը դիտէին յօշոտեալ անդամներ,, կրակի մէջ նետուած կանանց եւ կաթընկեր տղայոց դիակնէր, անօգուտ կատաղութեանց վրայ սոսկմամբ կը նայէին եւ գլուխնին շարժէլով երեսնին անդին կը դարձնէին: Ատոմ Շահունի, որ պարսից հետ եւ դէմ պատերազմած էր տարիներով, որ քուշանաց եւ կովկասային ամէն ժողովրդոց հետ կռուած էր, Սմբատ բազմայաղթի ամէն պատերազմներուն մէջ գտնուելով, եւ շատ բան կ'ըրնար պատմէք եթէ ուզէր խօսիլ, նա եւս, երբ եղածները կը տեսնէր, որ գազանութեան չափն անցեալ էին, երեսը թթուեցնելով «էհ» մը արձակեց:
Իսկ Թէոդորոս, որ ամէն ջանք կ'ընէր օգնելու խեղճ ժողովրդոց, յանկարծ Սուրէն Կամսարական փնտրելով, մէկ կողմ առաւ.
– Սուրէն իշխան, դու շուտ մը ա՛ռ Դաւթի որդին եւ գնա, – ըսաւ, – վասնզի ո՜յ գիտէ եթէ այդ անպիտան յոյները յաղթուին, որ շատ հաւանական է, այս ամէն չարիք եւ անզգամութիւնք Կոգովիտ եւ Բագրեւանդ կրնան գործուիլ այդ անողորմ ազգին ձեռքեն: Գնա՛ շուտով, քոյրդ միայն մի թողուր: Ես էլ կ'ուգայի, բայց պէտք է այս գաոանաց ջանամ հասնէի թերեւս գերիները կարէնամ թափել իրենց մադիլներէն:
Ուստի Սուրէն ու Գրիգոր իրեն խումբով բաժնուեցան զօրավարեն երթալու Կոգովիտ, որ իրօք այն վիճակին մէջն էր հորում երեւակայեց Թէոդորոս:
Արաբք Թէոդորոսի հարուածեն վերջ զօրացեալ ուրիշ դնգաց օգնութեամբ, աւելի զգուշութեամբ եւ խոհեմութեամբ առաջ քայլեցին, եւ իրենց յառաջապահներէն իմանալով յունաց անհոգ դիրքը, չսպասեցին, որ թշնամին իրենց վրայ յարձակի, այլ ամենայն կրօնամոլ կատաղութեամբ յարձակեցան Պրոկոպիոսի բանակին վրայ, որ արդէն իմացած նոցայ պարտութիւնը հայոց գնդեն եւ բանակին փոքրիկութիւնը, ինչպէս հեռուեն նոյնպէս մօտեն արհամարհէր էր զիրենք: Պատերազմը երկար չի քշեց, եւ վաթսուն հազար հոգուոյ բանակ մը տասն հազար արաբացի զօրաց առաջ քանի մը ժամ դիմադրութենէ վերջ չարաչար խորտակեալ կը փախչէր, իր բոլոր բանակը թողլով կապուտ կողոպուտ յաղթողին, որ ամէն բանի տիրանալէ ետք, ասպատակ սփռած ամէն տեղ կավարէր` կը քանդեր ըստ իւր սովորութեան, ո՛ւր որ ոտքը հասնէր:
Մեծ խումբ մը այս բարբարոսաց անտէր անտէրունչ գտնելով երկիրը, որ յունաց այս մեծ կոտորածեն զարհուրէր էր, սփռեցան Կոգովիտ, եւ ինչ որ դիւրամատոյց գտան` աւարելէ եւ ղերելէ վերջ յարձակեցան Վարդանակերտի աւանին վրայ, որ կատաղի դիմադրութիւն ըրաւ այս անօրինաց, որ յուսահատելով թողին պաշարմունքը: Նոյն միջոցին փոքրիկ գունդ մը, որ Վարդանաբերդի գեղեցիկ շէնքը տեսած հեռուեն եւ չորս կողմը պտոյտներ